«Վերակեդրոնանալ, հասկնալ, յանձնառու ըլլալ եւ միասին յառաջդիմել»․
Fri, 18 Sep 2026
Posted in Official Announcements

Կայացաւ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Անձնակազմի Վերամուտի Ժողովը

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական ու վարչական անձնակազմը վերանորոգ թափով կը պատրաստուին դիմաւորելու 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանը։ Այս առիթով, վարժարանի անձնակազմը 18 Սեպտեմբեր 2026-ին համախմբուեցաւ Ֆաթքայի «Նոթր Դամ տիւ Մոն» (Notre Dame du Mont) վանքի հիւրընկալ կամարներուն տակ, ուր տեղի ունեցաւ 2026-2027 տարեշրջանի անդրանիկ ընդհանուր ժողովը՝ ջերմ եւ յոյսով լեցուն մթնոլորտի մը մէջ։


Այս տարուան աշխատանքի պատգամն ու գործունէութեան առանցքը կը խտանայ վարժարանի նոր նշանաբանին մէջ․ «Նոր վերամուտ, նոր թափ. վերակեդրոնանալ, հասկնալ, յանձնառու ըլլալ եւ միասին յառաջդիմել»։


Օրուան յայտագիրը իր հոգեւոր մեկնարկը առաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, երբ վարժարանի մեծ ընտանիքը համախմբուեցաւ խորհուրդին շուրջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, զոր մատուցեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան ։ Պատարագի ընթացքին միասնական աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ հայցելով Ամենակալին օրհնութիւնն ու հովանին վարժարանի աշակերտութեան, ուսուցչական կազմին եւ ողջ կրթական համայնքին վրայ, որպէսզի նոր տարին ըլլայ անփորձանք եւ արդիւնաշատ։


Ժողովը յատկանշուեցաւ կրթական ու հոգեբանական արդիական նիւթերու շուրջ խորքային դասախօսութիւններով եւ աշխատաժողովներով։ Այսպէս, լիագումար նիստին, հանրածանօթ մասնագէտ պրն. Սամիր Քոնսթանթին ներկայացուց «Ինչպէ՞ս ինքզինքս կրնամ լիարժէք իրագործել Մեսրոպեանի մէջ աշխատանքիս ընթացքին, յատկապէս այս ժամանակաշրջանին» նիւթը՝ արծարծելով ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ կրթական մշակի անհատական ու մասնագիտական կայացման ուղիները։ Տնօրէնի կրթական խորհրդատու տոքթ. Քոլէթ Աուն զեկուցեց «Ուղեղը՝ ուսումնառութեան ղեկին» թեմայով՝ անդրադառնալով նէյրո-մանկավարժութեան արդի մեթոտներուն։

Մանկամսուրի աշխատակիցներուն համար դոկտ. Ռաքէլ Քէճէճեան վարեց «Վաղ մանկութեան զարգացում» նիւթով խորհրդակցութիւնը, իսկ վարչական աշխատակիցներուն համար տիկին Նատին Թաննուս ներկայացուց «Մէկ դպրոց, մէկ խումբ․ հաղորդակցութիւն, զգացական բանականութիւն եւ դժուար իրավիճակներու կառավարում» կարեւոր նիւթը։


Ժողովին իր պատգամը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն պրն․ Կրեկուար Գալուստ։ Իր խօսքին մէջ տնօրէնը նախ երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան խորին զգացումներ յայտնեց ամբողջ անձնակազմին՝ իրենց հաւատարմութեան եւ անսակարկ նուիրումին համար, շեշտելով, որ դպրոցը կը շնչէ ու կ՚ապրի իր նուիրեալ աշխատակիցներով։ Ամփոփելով նոր տարուան տեսլականը՝ պրն․ Գալուստ առանձնացուց հետեւեալ գլխաւոր գաղափարները․

  • Վերակեդրոնացում առաքելութեան վրայ․ Աշակերտը պէտք է մնայ իւրաքանչիւր որոշումի կեդրոնը։ Կարեւոր է հաւատարիմ մնալ Մեսրոպեանի արժէքներուն՝ ուսումնական բարձր որակ, յարգանք, կարգապահութիւն, հոգածութիւն, հայկական ինքնութիւն, քրիստոնէական արժէքներ եւ ծառայութիւն լիբանանահայ գաղութին։

  • Փոխադարձ հասկացողութիւն․ Դատելէ առաջ պէտք է խորապէս հասկնալ աշակերտներու նոր իրականութիւնն ու հոգեբանական դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ ըլլալ հասկցող՝ գործընկերներու հանդէպ։

  • Պատասխանատուութիւն եւ յանձնառութիւն․ Ուսուցումը սրբազան առաքելութիւն է։ Անհրաժեշտ է դասերուն պատրաստուիլ խնամքով, հետեւիլ վերապատրաստումներուն եւ որդեգրել միասնական, արդար մօտեցում։

  • Միասնական յառաջդիմութիւն․ Յառաջդիմել սերտ համագործակցութեամբ եւ արդի արհեստագիտութեան (ներառեալ՝ Արհեստական բանականութեան) խոհեմ ու պատասխանատու օգտագործմամբ։

Տնօրէնը նաեւ ուրախութեամբ յայտարարեց տարեշրջանի նոր ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները, ինչպէս՝ «Petit Ami» եւ «Voilà» յետ-դպրոցական ժամերու ուսուցման յայտագիրները, «Mesrobian Cares»՝ աշակերտներու հոգածութեան ծրագիրը, Գարակէօզեան հաստատութեան եւ Ումմ էլ Նուր կազմակերպութեան հետ գործակցաբար ընկերային-հոգեբանական ծառայութեան ծրագիրը՝ L’Œuvre d’Orient-ի եւ Ֆրանսայի պետութեան աջակցութեամբ, Արհեստական բանականութեան գրադարանի (AI Library) հիմնումը, վարժարանի սեփական AI օգնականի՝ «Mesro»-ի ծնունդը, VR գիտաշխանոցի ընդլայնումն ու Շրջանաւարտից միութեան նոր կազմի յառաջացումը։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Մեսրոպեանի նախաձեռնութեամբ Հայոց պատմութեան նոր դասագիրքերու ծրագիրի բարեյաջող եզրափակումին եւ այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հայերէնի եւ պատմութեան ուսուցիչներուն՝ իրենց ազգանուէր աշխատանքին համար։

Photos


Name
Title
Comment

  +961 1 260504 / 262955 / 254940          

  principal@mesrobian.com          

  Bourj Hammoud, Arax street,  Beirut, Lebanon          

Français Armenian