Մեսրոպեանի մէջ կը սկսի աշակերտներու առողջապահութեան եւ ընկերային-հոգեբանական ծառայութեան նոր ծրագիր
Wed, 16 Sep 2026
Posted in Official Announcements

Ֆրանսայի կառավարութեան եւ L’Œuvre d’Orient-ի աջակցութեամբ

Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ L’Œuvre d’Orient կազմակերպութեան հրաւէրով, 16 Սեպտեմբեր 2026-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ մասնակցեցաւ վարժարանին մէջ աշակերտներու ընկերային-հոգեբանական ծառայութիւնները զարգացնելու նուիրուած աշխատանքային ժողովի մը՝ ընկերակցութեամբ վարժարանի ընկերային-հոգեբանական ծառայութեան գրասենեակի վարիչ պարոն Զաւէն Թղլեանի։


Institut français-ի մէջ կայացած ժողովին ներկայ էին Լիբանանի մէջ առողջապահական եւ ընկերային-հոգեբանական ծառայութեանց մարզին մէջ մեծ եւ երկարամեայ վաստակ ունեցող Հաուըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկի եւ «Ումմ էլ Նուր» կազմակերպութեան պատասխանատուները։


Ժողովին ընթացքին վերջնական ձեւ ստացաւ Մեսրոպեանի մէջ յառաջիկայ տարեշրջանին գործադրուելիք ծրագիրը, որուն նպատակն է ընդլայնել աշակերտներու ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան, հոգեբանական բարեկեցութեան եւ ընկերային զարգացման ուղղուած աշխատանքները։


Ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Ֆրանսայի կառավարութեան եւ L’Œuvre d’Orient կազմակերպութեան միջոցներով։ Վերջինս 1856-էն ի վեր աջակցութիւն կը տրամադրէ Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ խոցելի բնակչութիւններուն՝ կրթութեան, առողջապահութեան, ընկերային օժանդակութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութիւններով։


Գործադրութեան մասով, Հաուըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկը պիտի ստանձնէ աշակերտներու ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վերաբերող ծրագիրները։ Պիտի իրականացուին բժշկական ստուգումներ՝ աշակերտներու, ինչպէս նաեւ պաշտօնէութեան եւ ծնողներու շրջանակին մէջ։ Հիմնարկի հոգեբան մասնագէտներ կանոնաւորաբար պիտի այցելեն վարժարան՝ հետեւելու աշակերտներու հոգեբանական ու ընկերային կարիքներուն եւ անհրաժեշտ պարագային համապատասխան աջակցութիւն տրամադրելու։


«Ումմ էլ Նուր» կազմակերպութիւնը, իր հերթին, պիտի իրականացնէ մոլութիւններու կանխարգելման ուղղութեամբ աշխատանքներ։ Աշակերտներուն համար պիտի կազմակերպուին աշխատանոցներ եւ ձեռնարկներ՝ ծխելու, թմրանիւթերու օգտագործման, ալքոլի, բախտախաղի եւ այլ տեսակի մոլութիւններու բնոյթին ու հետեւանքներուն ծանօթանալու, վտանգները ճանչնալու եւ անոնց թակարդը չինալու համար անհրաժեշտ գիտակցութիւնը զարգացնելու նպատակով։


Մեսրոպեանի մէջ երկար տարիներէ ի վեր առաջնահերթութիւն տրուած է աշակերտներու ընկերային եւ հոգեբանական զարգացման, ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններու բացայայտման եւ լուծման։ Նոր ծրագիրը այս աշխատանքին մէջ յառաջընթացի յաւելեալ եւ կարեւոր քայլ մըն է։ Անիկա պիտի համարկուի Մեսրոպեանի մէջ արդէն ընթացող նոյնաբնոյթ նախաձեռնութիւններուն, մասնաւորաբար «Mesrobian Cares» ծրագիրին եւ ընկերային-հոգեբանական ծառայութեան գրասենեակի այլ աշխատանքներուն՝ ստեղծելով աւելի համակարգուած եւ ամբողջական մօտեցում մը։


Մեսրոպեանը կը հաւատայ, որ աշակերտներու ընկերային եւ հոգեբանական բարեկեցութիւնը անմիջականօրէն կապուած է անոնց ուսումնական յառաջդիմութեան եւ հետագայ կեանքի յաջողութեան հետ։ Դպրոցական տարիներուն տրամադրուած համապատասխան աջակցութիւնը կարեւոր հիմք է նաեւ հասուն տարիքին ուսումը շարունակելու, մասնագիտական կեանքին մէջ յաջողելու եւ առողջ ու արդիւնաւէտ ընկերային կեանք մը կառուցելու համար։


Name
Title
Comment

  +961 1 260504 / 262955 / 254940          

  principal@mesrobian.com          

  Bourj Hammoud, Arax street,  Beirut, Lebanon          

Français Armenian