Երբ բեմի լոյսերը կը մարին ու կը տիրէ խորհրդաւոր լռութիւն մը, հանդիսատեսը շունչը պահած կը սպասէ անուրջի մը։ Իսկ երբ հնչիւններու առաջին ներդաշնակութեան հետ բեմը կը կենդանանայ, ակնյայտ կը դառնայ, որ մեր դիմաց պարզապէս պարային ելոյթ մը չէ, այլ ոգեղէն հաղորդակցութիւն մը։ «Շուշի» պարախումբը իր վերջին տպաւորիչ ելոյթով հանդիսատեսին պարգեւեց բացառիկ գեղարուեստական ապրում մը՝ ներկայացնելով «Երկրի սրտի տրոփումը» խորագիրը կրող անմոռանալի տեսարանը։
Այս ելոյթը պարզապէս շարժումներու համադրութիւն չէր. անիկա հայրենի երկրի, տագնապող հոգիի եւ վերածնունդի աղօթքն էր՝ արտայայտուած պարի նուրբ ու ազդու լեզուով։
Հայաստանն ու Լիբանանը՝ մեր ինքնութեան երկու սրբազան կռուանները, տարիներէ ի վեր կ՚անցնին դժուարին ու ալեկոծ ճանապարհներէ։ Պարախումբը յաջողեցաւ բեմականացնել այս երկու ափերու ապրած ծանր կացութիւնը։
Ելոյթի քանի մը պարերուն մէջ զգալի էր տիրող յուսահատութիւնը, ցաւն ու ճնշող անորոշութիւնը, որ կը համակի մերօրեայ հայութիւնը։ Սակայն, ճիշդ այդ պահուն, երբ թուի թէ ելք չկայ, բեմէն կը ժայթքէ տոկալու եւ պայքարելու անկոտրում կամքը։ Յուսահատութիւնը կը տեղատուէր՝ իր տեղը զիջելով հզօր վերելքի մը, որ կը խորհրդանշէ հայուն անպարտելի ոգին։
Մալոյեանական անսասան հաւատքը հանդիսացաւ այս ամբողջ ելոյթի գաղափարական առանցքը։ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան եւ անսահման հաւատքի պատգամը՝ իբրեւ փարոս, կը լուսաւորէր բեմը։ Այն հաւատքը, որ մահուան դիմաց յարութիւն կը տեսնէ, պարման-պարմանուհիներու իւրաքանչիւր քայլին մէջ վերածուեցաւ ապրելու եւ յաղթելու պատգամի։
Այս վեհ գաղափարը կեանքի կոչողները մեր վաղուան օրն են՝ 93 տաղանդաշատ պատանիներ եւ պարմանուհիներ։ Զարմանալի կարգապահութեամբ, համաչափութեամբ եւ ամենակարեւորը՝ հոգեկան մեծ թռիչքով, անոնք գրաւեցին բեմը։
Անոնց աչքերուն մէջ վառող կրակը, շարժումներու թեթեւութիւնն ու միաժամանակ հարուածներու հաստատակամութիւնը ցոյց տուին, որ հայ պարը կենդանի արիւն է, որ կը հոսի մեր պատանիներու երակներուն մէջ։ 93 զոյգ ոտքերու միաձուլուած տրոփիւնը բեմին վրայ վերածուեցաւ հայրենի հողի զարկերակին։
Այսուհանդերձ, ելոյթի ընթացքին նկատելի էր տղոց թիւի որոշակի սակաւութիւնը։ Մեր ջերմ մաղթանքն է, որ յառաջիկային արձանագրուի տղոց մասնակցութեան աճ, որովհետեւ ազգային մշակոյթի եւ յատկապէս հայկական պարարուեստի մէջ՝ ինչպէս «Եարխուշտա»-ի եւ «Քոչարի»-ի հզօր ու տիրական խոյանքներուն մէջ, տղոց ներկայութիւնը, թափն ու առնական շունչը ունին անփոխարինելի ու կենսական նշանակութիւն։
Այս բացառիկ գործի ետին կանգնած է երիտասարդ եւ տաղանդաւոր պարուսոյցն ու բեմադրիչը, որուն անունը արդարեւ կ՚արձանագրուի յարգանքով։ Անոր ստեղծագործական միտքն ու համարձակ յղացքը շունչ եւ կեանք ներշնչեցին իւրաքանչիւր պատկերի։ Աւանդական հայկական պարի արմատները պահելով հանդերձ՝ բեմադրիչը ներարկած էր արդիական շունչ եւ թատերական դրամատիզմ։ Իւրաքանչիւր տեսարանի անցումը կատարուած էր գեղագիտական բարձր ճաշակով, ուր լոյսն ու ստուերը կը խօսէին պարողներուն հետ հաւասարապէս։ Պարուսոյցը յաջողած էր սովորական պարային համոյթի ելոյթը վերածել գաղափարական պատգամի, ուր ամէն մէկ շարժում ունէր իր պատմութիւնն ու ըսելիքը։
«Շուշի» պարախումբի այս արժէքաւոր ելոյթը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ արուեստը մեր ամենահզօր զէնքն է յուսահատութեան դէմ։ Քանի դեռ ունինք նման պատանիներ, հաւատքով տոգորուած ղեկավարներ, ստեղծագործող միտքեր եւ հաւատացող տնօրէններ, մեր երկրի սիրտը միշտ պիտի տրոփէ հզօր ու յաղթական։
Բիւր յարգանք ու ծափահարութիւններ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի «Շուշի» պարախումբի ողջ անձնակազմին՝ մեզի հաւատք ներշնչելու եւ հայ պարի սրբազան կանթեղը վառ պահելու համար։
Դիւան Ս. Ներսէս Լամբրոնացի Մշակութային Միութեան