Մեսրոպեանի նախկին աշակերտը՝ հայ երաժշտութեան նորարար. Սերուժ Պաղտասարեանի այցը վարժարան
Wed, 10 Jun 2026
Posted in Guests

9 Յունիսը Մեսրոպեան վարժարանի յարկէն ներս պարզապէս օրացուցային թուական մը չէր, այլ մշակութային հարցերու եւ ինքնութեան շուրջ հիւսուած խորունկ երկխօսութեան օր մը։ Մեր վարժարանի երբեմնի աշակերտ, այժմ միջազգային համբաւ վայելող երաժիշտ եւ գործիքաւորող Սերուժ Պաղտասարեան (յայտնի որպէս C-rouge) վերադարձաւ իր հարազատ կրթօճախ՝ հանդիպելու բարձր կարգերու աշակերտութեան հետ։

Մեսրոպեանական հպարտութեան զգացումը համակած էր բոլորը, ի տես այն իրողութեան, որ ինչպէս լիբանանահայ վարժարանի մը եւ լիբանանահայ միջավայրին մէջ կազմաւորուած մարդ մը կրցած էր կամրջել սփիւռքեան աւանդոյթը համահայկական եւ միջազգային մակարդակի ճանաչումին հետ։ Այս այցելութիւնը ներշնչման աղբիւր եղաւ աշակերտներուն համար՝ փաստելով, որ արուեստը զէնք է, իսկ արմատներուն հաւատարմութիւնը՝ յաջողութեան գրաւական։

Հանդիպումին սկիզբը ցուցադրուեցաւ Սերուժի գործունէութեան մասին տեսերիզ մը։ Սերուժ Պաղտասարեանի կեանքի պատմութիւնը ինքնատիպ է իր տեսակին մէջ։ Անոր մասնագիտական ուղին կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերով.

Մասնագիտական աշխարհ. Սերուժին համար երաժշտութիւնը, որքան ալ զարմանալի թուի, իր հիմնական «հոպի»-ն (hobby) է։ Անոր բուն մասնագիտութիւնն ու առօրեայ աշխատանքը կը կայանան ձեւաւորման (design) եւ ծրագրաւորման ոլորտներուն մէջ։

Ինքնուս տաղանդ. Ան չունի պաշտօնական երաժշտական կրթութիւն։ Որպէս ինքնուս արուեստագէտ եւ երաժշտական ընտանիքի մը մէջ ձեւաւորուած մարդ, ան կը ստեղծագործէ բացառիկ լսողութեամբ, ինչ որ իրեն թոյլ կու տայ զերծ մնալ դասական կաղապարներէն եւ ստեղծել նոր հորիզոններ։

Յանուն Հայրենիքի. Շուրջ վեց տարի առաջ, ան համարձակ քայլ մը կատարեց՝ զոհաբերելով Լիբանանի իր կայացած ասպարէզը եւ ապահով կեանքը, որպէսզի վերջնականապէս հաստատուի Հայրենիքի մէջ եւ աւելի մօտէն հաղորդակցի հայկական ձայնաշխարհին։

Հանդիպումին առանցքը կազմեց Սերուժի եւ աշակերտներուն միջեւ հարցուպատասխանը։ Սերուժի մօտեցումը հայ երաժշտութեան հանդէպ ունի ծրագրային նշանակութիւն։ Ըստ իրեն, եթէ հին երգերը մնան միայն թանգարանային նմոյշներ կամ սահմանափակուին դասական կատարումներով, անոնք դատապարտուած են մոռացութեան։ «Նոր թեւեր» տալը՝ ելեկտրոնային կամ սիմֆոնիկ մշակումներու միջոցով, այն միակ միջոցն է, որով հայ երգը կրնայ մրցունակ դառնալ համաշխարհային շուկային մէջ։

Անոր ունկնդիրներուն մեծամասնութիւնը 20-30 տարեկան երիտասարդներ են, ինչ որ կը փաստէ իր ընտրած ուղիի ճշդութիւնը։ Կոմիտասեան «Կռունկ»-ի իր մշակումը պատճառ դարձաւ, որ բազմաթիւ օտարներ առաջին անգամ ըլլալով հետաքրքրուին դուդուկով։ Սակայն, նոյնիսկ այս նորարարութեան մէջ, Սերուժը կը պահպանէ խորունկ խոնարհութիւն մեծ վարպետներու հանդէպ։

Վերջին շրջանին, Սերուժ Պաղտասարեանի համագործակցութիւնը Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ ծնունդ տուաւ «սիմֆոնիկ ֆոլք» ոճին։ Աշակերտներուն հետ զրոյցի ընթացքին ան անդրադարձաւ այդ ժանրի քանի մը առանցքային գործերու։

Որպէս ծրագրաւորող՝ Սերուժ բաց է նորութիւններու հանդէպ։ Ան պատմեց, թէ ինչպէս փորձառական նպատակով օգտագործած է արհեստական բանականութիւնը (AI) ռոքային վերամշակման մը համար եւ ապշած՝ արդիւնքէն։ Անոր պատգամը յստակ էր. օգտագործել արհեստագիտութիւնը որպէս օգնական գործիք, բայց պահել մարդկային հոգին։

Հանդիպումին գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը։ Խօսք առաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, դիտել տալով, որ Սերուժ Պաղտասարեանի օրինակը լաւագոյնս կը մարմնաւորէ Մեսրոպեան վարժարանի առաքելութիւնը՝ կերտել յառաջադէմ հայու կերպարը, որ թէ՛ կը տիրապետէ արդի գիտութիւններուն եւ թէ՛ ամուր կառչած կը մնայ իր ազգային ակունքներուն։ Պարոն տնօրէնը Սերուժը պատուեց Մեսրոպեանի յատուկ կրծքանշանով եւ յուշանուէրով՝ առ ի գնահատանք հայ ազգային երաժշտութիւնը տարածելու իր գործունէութեան։ Մեր վարժարանը կը շարունակէ հպարտանալ իր սաներով, որոնք հայ մշակոյթը կը վերածեն կենդանի ուժի՝ զայն հնչեցնելով աշխարհի ամենաբարձր բեմերէն։ Սերուժի այցը յիշեցուց բոլորիս, որ հայ երգը չէ մեռած, այլ կը սպասէ համարձակ ձեռքերու, որոնք անոր պիտի տան նոր թռիչք եւ անմահութիւն։
Տեսնել նկարները այստեղ՝ Սերուժ Պաղտասարեանի Այցը Մեսրոպեան


Name
Title
Comment

  +961 1 260504 / 262955 / 254940          

  principal@mesrobian.com          

  Bourj Hammoud, Arax street,  Beirut, Lebanon          

Français Armenian