Մայրերու Օրուան Առիթով
Մեսրոպեան վարժարանի Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրը Մայրերու օրը տօնեց բոլորովին իւրայատուկ ու տպաւորիչ ձեւով՝ կազմակերպելով լուսանկարահանման ուրախ եւ անմոռանալի պահեր մեսրոպեանական մայրերուն եւ իրենց զաւակներուն համար:
Այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան մասնակցեցան մանկամսուրի եւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի կրթական եւ հոգատար անձնակազմին մայրերը, ինչպէս նաեւ Ծնողական եւ Ուսուցչական յանձնախումբերու մայրերը: Անոնք բոլորը, թէ՛ իբրեւ նուիրեալ պաշտօնեաներ եւ թէ՛ իբրեւ կամաւորներ, իրենց անսահման սէրն ու կորովը կը ներդնեն մանկամսուրին եւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ՝ դառնալով մեր կրթական ընտանիքի բաբախող մեծ սիրտը:
Առանձնայատուկ դրուատիքի արժանի է մանկամսուրի տնօրէնութիւնը եւ բաժնի պատասխանատու տիկին Թամար Ֆեսլեան Քէշիշեանը, որուն ազնիւ մտայղացումով եւ կազմակերպական ջանքերով այս օրը վերածուեցաւ անմոռանալի տօնի: Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն մեծ խանդավառութիւն ու խնդութիւն պարգեւեց բոլորին, այլեւ վերստին փաստեց, որ մեր հաստատութիւնը ջերմութեամբ լեցուն տուն մըն է:
Վարձքերնիդ կատա՛ր, սիրելի՛ մայրեր: Ձեր մայրական օրհնութիւնն ու նուիրումը անսպառ ըլլան:
Տեսնել նկարները այստեղ՝ Մայրերու Օր