Աննկուն Կամք եւ Յաղթանակի Ոգի. Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւն Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ
Mon, 1 Jun 2026
Posted in Festivities

1 Յունիս 2026-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան յիշատակման նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ մը։ Յայտագիրը յագեցած էր հայրենասիրական շունչով, որուն ընդմէջէն աշակերտութիւնն ու կրթական մարմինը վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու Մայիս 28-ի սրբազան պատգամին։

Հանդիսութիւնը բացուած յայտարարեց աշակերտուհի Ճիանա Ուլուճեան, որ իր խօսքին մէջ վերակենդանացուց 1918 թուականի օրհասական իրավիճակը։ Ան նկարագրեց, թէ ինչպէս Ցեղասպանութենէն հազիւ փրկուած հայ ժողովուրդը, լքուած դաշնակիցներէն, կրցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ կերտել յարութեան հրաշքը։ Ճիանան շեշտեց, որ այսօրուան աշակերտութեան պարտքն է տէր կանգնիլ հերոսներու կտակին, անաղարտ պահել մայրենի լեզուն եւ բարձրագոյն պատասխանատուութեամբ մօտենալ ուսման։

Գեղարուեստական յայտագիրով, առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու աշակերտները հնչեցուցին «Թող Լինի» երգը, Վաննէս Տէր Պետրոսեան յուզիչ կերպով ասմունքեց «Հայու Հոգին» քերթուածը, չորրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու փոքրիկները կատարեցին «Հայ Քաջեր» երգը, Վանա Մալաթեան ապրումով ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի, արջի ցեղերին» խորիմաստ գործը, իսկ ձեռնարկը իր գագաթնակէտին հասաւ «Սարդարապատ» երգի ընկերակցութեամբ կատարուած ռիթմիք շարժումներով, ուր աշակերտները եռագոյն թաշկինակներով պատկերեցին հայու յաղթական ոգին։

Յայտագրի աւարտին իր պատգամը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստ։ Ան բարձր գնահատեց աշակերտներու ելոյթները եւ յատկապէս շեշտեց, որ Մայիս 28-ը լոկ տարածքային ձեռքբերում չէ, այլ այն «աննկուն կամքը» եւ «սրբազան ոգին», որ մեզի ժառանգուած է հազարամեակներէ ի վեր։ Տնօրէնը նշեց, որ պատմական ելեւէջները, ներկայ դժուարութիւնները եւ Արցախի կորուստը ժամանակաւոր են, եւ հայուն ոգին պիտի շարունակէ կերտել նորանոր յաղթանակներ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Արարատ լերան խորհրդանիշին՝ նշելով, որ այն դրոշմուած կը մնայ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ, անկախ քաղաքական ճնշումներէ։ Պրն. Գալուստ բեմ հրաւիրեց վարժարանի մարզիկներն ու մարզիչները՝ ԼԵՎԱՄ-ի մէջ անոնց յաղթանակները համարելով մայիսեան յաղթական ոգիի շարունակութիւնը (ԼԵՎԱՄ-ի արդիւնքներուն պիտի անդրադառնանք առանձին):

Փա՛ռք մայիսեան յաղթանակները կերտողներուն եւ անոնց, որոնք այսօր վառ կը պահեն հայու ազատատենչ ոգին։

 

1.jpeg
637 KB
View
2.jpeg
575 KB
View
3.jpeg
658 KB
View
4.jpeg
461 KB
View
5.jpeg
432 KB
View
WhatsApp Image 2026-06-01 at 12.12.12.jpeg
465 KB
View
WhatsApp Image 2026-06-01 at 12.13.34 (1).jpeg
320 KB
View
WhatsApp Image 2026-06-01 at 12.13.35 (1).jpeg
333 KB
View
WhatsApp Image 2026-06-01 at 12.13.36 (1).jpeg
572 KB
View
WhatsApp Image 2026-06-01 at 12.13.36.jpeg
548 KB
View
WhatsApp Image 2026-06-01 at 12.13.37.jpeg
591 KB
View
WhatsApp Image 2026-06-01 at 12.13.38.jpeg
604 KB
View
WhatsApp Image 2026-06-01 at 12.13.39 (1).jpeg
375 KB
View
WhatsApp Image 2026-06-01 at 12.13.39 (2).jpeg
527 KB
View

Name
Title
Comment

  +961 1 260504 / 262955 / 254940          

  principal@mesrobian.com          

  Bourj Hammoud, Arax street,  Beirut, Lebanon          

Français Armenian