Մայիսեան յաղթանակներու ոգիով
28 Մայիս 2026-ին, երբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը տօնէր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան ու Սարդարապատի փառապանծ յաղթանակի նուիրական օրը, Մեսրոպեան վարժարանի ընտանիքը համախմբուեցաւ նշելու իր 87-րդ հունձքին աւարտական հանդիսութիւնը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1918-ի մայիսեան հերոսները մերժեցին ընկրկիլ, Մեսրոպեանի փաղանգը, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած անորոշութիւններուն, կը շարունակէ ծաղկիլ՝ հանդիսանալով տոկունութեան եւ հայակերտման անառիկ փարոս մը Միջին Արեւելքի հայ կրթական միջավայրին մէջ: 2025-2026 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն սերունդը, պատմական հպարտութեամբ, անուանակոչուեցաւ «Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան» սերունդ՝ ի պատիւ նահատակ արքեպիսկոպոսի սրբադասման ու անոր մարտիրոսութեան յաւերժական խորհուրդին:
Հանդիսութեան պատուոյ հիւրն ու օրուան պատգամախօսն էր Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր դոկտ. Եուսէֆ Նասըրը: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան պետ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի հայրական հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ, ներկայութեամբ լիբանանահայ բարձրաստիճան հոգեւորականներու, բազմաթիւ միութիւններու եւ մարմիններու պաշտօնական ներկայացուցիչներու եւ հազարէ աւելի հրաւիրեալներու։
Մեսրոպան բարձրագոյն եւ բարձրագոյն արուեստից վարժարաններու տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր ելոյթին մէջ ներկայացուց աւարտող տարուան ձեռքբերումները եւ վարժարանի ապագայի տեսլականը: Ան առանձնացուց հետեւեալ ռազմավարական կէտերը.
Կարգավիճակի Բարձրացում. Պատմական եւ նախագահական հրամանագրով արուեստից վարժարանը պաշտօնապէս վերանուանուած է «Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարան»:
Միջազգային «Homologation». Յաջողութեամբ պսակուած է ֆրանսական պետական ճանաչման գործընթացը մանկապարտէզին մէջ, իսկ բարձր դասարաններուն մէջ արդէն լիարժէք կը կիրարկուի ֆրանսական պաքալորէայի ծրագիրը:
Արհեստական բանականութիւն (AI). AI-ի ուսուցումը ներդրուած է իբրեւ կրթական ծրագրի անբաժանելի մասը՝ պատրաստելով աշակերտները ըլլալու ապագայի առաջնորդներ, եւ ոչ թէ լոկ հետեւորդներ:
«Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի ընդլայնում. Որպէս վարժարանի աճի եւ զարգացման վկայութիւն՝ մանկամսուրի ընդլայնման նախագիծը թեւակոխած է իրագործման գործնական փուլ:
Պարոն տնօրէնը շրջանաւարտներուն յղեց կեանքի ուղեցոյց հանդիսացող երեք մաղթանքներ՝ լրջութիւն կեանքի պատասխանատուութիւններուն հանդէպ, յարատեւութիւն դժուարութիւններու դիմաց եւ աշխատասիրութիւն՝ իբրեւ յաջողութեան միակ ու հուսալի ճամբան: Տնօրէնը յատուկ երախտագիտութեամբ շեշտեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեանի անփոխարինելի դերը աշակերտներուն քրիստոնէական եւ ազգային կազմաւորման նուիրական գործին մէջ:
Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամախօս՝ Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր դոկտ․ Եուսէֆ Նասըր իր խօսքին սկիզբը բարձր գնահատեց Մեսրոպեանի հոգեւոր ու կրթա-մշակութային մթնոլորտը՝ նշելով, որ հայ ժողովուրդէն կարելի է սորվիլ կամք, տոկունութիւն եւ ինքնութեան պահպանման նախանձախնդրութիւն։ Ան շնորհաւորեց վարժարանը այն երեք հիմնական նուաճումներուն համար, որոնց անդրադարձած էր պարոն Կրէկուար Գալուստ։ Յղում կատարելով Նելսըն Մանտելայի միտքերուն՝ Հայր Նասըր շեշտեց, որ դաստիարակութիւնը աշխարհը փոխելու հզօրագոյն զէնքն է։ Դիմելով «Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան» սերունդի շրջանաւարտներուն՝ ան յորդորեց անոնց ըլլալ տոկուն՝ դիմակայելու համար այսօրուան աշխարհի մարտահրաւէրները, ըլլալ յառաջապահ՝ քաջութեամբ դէպի ապագայ նայելով եւ ըլլալ մարդասէր՝ միշտ վառ պահելով սիրոյ եւ գթութեան զգացումները։ Իր խօսքի աւարտին, Հայր Նասըև հայերէն «շնորհաւոր» մաղթանքով ողջունեց շրջանաւարտներն ու կրթական այս դարբնոցը, որ տասնամեակներ շարունակ լիբանանահայ համայնքին տուած է ակնառու դէմքեր եւ առաջնորդներ։
Շրջանաւարտներուն անունով յուզիչ խօսքերով հանդէս եկան Անի Թաշճեան, Քէվըն Մինասեան, Սելին Զոպոյեան եւ Ժագ Թերզեան։ Անոնք Մեսրոպեանը բնութագրեցին իբրեւ իրենց «երկրորդ տունը», շեշտելով, որ հոս իրենք փոքրիկ մանուկներէ վերածուած են հասուն ու պատասխանատու անհատներու։ Անոնք արտայայտեցին բոլորին երախտագիտութիւնը ծնողներուն ու ուսուցիչներուն հանդէպ եւ հպարտութեամբ յայտարարեցին. «Մենք Մեսրոպեանականներ ենք, եւ այդ կոչումը պիտի կրենք ամենայն պատասխանատուութեամբ»:
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը յատկանշուեցաւ որակեալ ու ոգեշնչող կատարումներով։ Հանդէս եկան Ռիթա Փէփէեան եւ Պենոն Վարդանեան (բացման խօսք), Մէյրի Էքմէքճեան (ասմունք, Պարոյր Սեւակ՝ «Մարդ կայ ելել է շալակն աշխարհի»), Մեղրի Երեցեան եւ Մեղրի Մսըրլեան (երաժշտական կատարումներ ` Տուն իմ Հայրենի, "More love, more power"), Մարիա Ճեսիքա Խաշոլեան (երգ,"La Bohème")։
Հանդիսութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ Արցախի նահատակ՝ Մեսրոպեանի հայերէնի նախկին ուսուցիչ Գէորգ Հաճեանի յիշատակի մրցանակին արժանացած աշակերտին անունը: Հայագիտական նիւթերուն մէջ իր արձանագրած գերազանց արդիւնքին համար՝ մրցանակը շնորհուեցաւ Ճեսիքա-Մարիա Խաշոլեանին, որ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ մասնակցելու Համազգայինի տարեկան Ֆորումին Հայաստանի մէջ:
Պատուոյ վկայագիրներու եւ վզնոցներու արժանացան իրենց բաժիններուն մէջ բարձրագոյն միջիններ ապահոված հետեւեալ աշակերտները. Անի Թաշճեան եւ Զարեհ Գոճաօղլանեան (ընդհանուր գիտութիւն), Փիթըր Նալպանտեան (կենսագիտութիւն), Ռիթա Փէփէեան (գրական), Սերենա Այնթապլեան (հաշուապահութիւն եւ համակարգիչ), Ռուբէն Մահտեսեան (հիւրանոցային կառավարում), Մարիլին Եագուպեան (graphic design):
Հանդիսութեան ամենախորհրդանշական պահերէն մէկը «Մեսրոպեան Վահան»-ի փոխանցման արարողութիւնն էր, ուր շրջանաւարտները վարժարանի աւանդութիւններու պահպանման պատասխանատուութիւնը յանձնեցին յաջորդող փաղանգին: Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ վկայականներու բաշխումով․ վկայականներ ստացան բարձրագոյն եւ բարձրագոյն արուեստից վարժարաններու 77 աշակերտներ։ Յաջորդեցին տօնական կարկանդակի հատումն ու հրավառութիւնը՝ ցնծութեան ու վառ յոյսերու մթնոլորտի մէջ փակելով 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանը:
Նկարները՝ Աւարտական Հանդէս