Մեսրոպեան վարժարանի 2024–2025 տարեշրջանի շրջանաւարտ Ժան-Փիեռ Վարդանեան Հայկազեան համալսարանին մէջ կայացած 2026 թուականի երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու համակարգչային ծրագրաւորման ախոյեանութեան մրցումին (Programming Cup for High School Students) արժանացաւ երկրորդ մրցանակին՝ ներկայացնելով Մեսրոպեանը։ Կը մասնակցէին 11 դպրոցներու 21 աշակերտներ՝ Լիբանանի զանազան շրջաններէն։
Անչափ հպարտ ենք նուաճումներովը մեր աշակերտներուն, որոնք կը շարունակեն աչքի ինալ իրենց գերազանցութեամբ՝ ակադեմական զանազան ասպարէզներու մէջ։
Կը շնորհաւորենք նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտ Յակոբ Չարըքեանը, որ գրաւեց պատուաւոր երկրորդ դիրքը Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կազմակերպած միջ-դպրոցական զարգացման մրցումին, որ տեղի ունեցաւ 18 Ապրիլին։ Կազմակերպող մարմինը գնահատեց Յակոբը վկայագիրով եւ նուէրներով։