ՍՈՒՐԲ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽՃԱՆԿԱՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Mon, 27 Apr 2026
Posted in Official Announcements | Spiritual Education

27 Ապրիլ 2026-ին, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեպարար եւ խորհրդալի արարողութիւն մը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, համայն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին։ Բարեպաշտական ջերմ մթնոլորտի մէջ, վարժարանի կրթական ընտանիքը, տնօրէն պրն․ Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ, համախմբուեցաւ յարգելու սուրբին յիշատակը եւ վերանորոգելու ուխտը՝ կառչած մնալու հաւատարմութեան եւ զոհողութեան անոր օրինակին։

Հանդիսաւոր արարողութիւնը նախագահեց Զմմառու վանքի մեծաւոր Հայր Մաշտոց ծայրագոյն վարդապետ Զահթէրեան, ընկերակցութեամբ վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեանի եւ Զմմառեան միաբանութեան անդամ հայրերու։ Յատուկ աղօթքներով եւ հոգեւոր երգերով օրհնուեցան Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի պատկերները, որոնք Հայր Սահակի գեղեցիկ մտայղացմամբ պիտի զարդարեն վարժարանի բոլոր դասարանները՝ դառնալով ներշնչման աղբիւր աշակերտութեան համար։ Այս առիթով յղած իր պատգամին մէջ, Գերապայծառ Զահթէրեան յորդորեց աշակերտները միշտ ի մտի ունենալ երկու կարեւոր արժէքներ, որոնց սիրոյն Սուրբ Իգնատիոս չվարանեցաւ զոհել իր կեանքը․ ազգային եւ հոգեւոր ինքնութիւն եւ արժանապատւութիւն։ Օրուան խորհուրդը պսակուեցաւ վարժարանի տեսչական յարկին վրայ սուրբին վեհաշուք խճանկարի հանդիսաւոր բացումով։

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան (1869-1915), Մարտինի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդը, Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն դարձաւ հաւատքի եւ անձնազոհութեան անմահ խորհրդանիշ մը։ Մերժելով դաւանափոխութեան ամէն առաջարկ՝ ան նախընտրեց նահատակութիւնը՝ իր հօտին հետ միասին։ Իր անսասան հաւատքին եւ սրբակեաց կեանքին համար, 2001 թուականին Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապին կողմէ ան դասուեցաւ Եկեղեցւոյ Երանելիներու շարքին, իսկ 2025 թուականին՝ պաշտօնապէս սրբադասուեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ կողմէ։

Այս նախաձեռնութիւնը նոր ուժ մը կու տայ Մեսրոպեան վարժարանի առաքելութեան՝ հայ աշակերտի հոգիին մէջ վառ պահելու քրիստոնէական հաւատքն ու ազգային արժէքները։
 

Տեսնել նկարները այստեղ Մալոյեանի Նկարներու Օրհնութիւն


Name
Title
Comment

  +961 1 260504 / 262955 / 254940          

  principal@mesrobian.com          

  Bourj Hammoud, Arax street,  Beirut, Lebanon          

Français Armenian