ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար պարոն Սինանեան կը շնորհաւորէ Մեսրոպեան արուեստիցը՝ «արուեստից բարձրագոյն վարժարան» կարգավիճակին բարձրանալուն առիթով
Mon, 9 Mar 2026
Posted in Official Announcements | Technical College

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից բարձրագոյն վարժարանը խորագոյն շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար պարոն Զարեհ Սինանեանին եւ անոր գրասենեակի ողջ անձնակազմին, Մեսրոպեան արուեստիցի՝ «բարձրագոյն» վարժարանի կարգավիճակին բարձրանալուն առիթով մեզի յղուած շնորհաւորական ուղերձին եւ բարեմաղթութիւններուն համար։

Պարոն Սինանեան, իր 9 Մարտ 2026 թուակիր՝ Երեւանէն տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին հասցէագրած նամակին մէջ, Մեսրոպեանի՝ «արուեստից բարձրագոյն վարժարան»ի կարգավիճակ ստանալը կ՛որակէ Մեսրոպեանի «արգասաբեր գործունէութեան գնահատական» մը, «տարիների առաջնթացի ճանաչում» եւ «նոր նշաձողի սահմանում»՝ անձնակազմին եւ ուսանողութեան համար։

«Լիբանանի հայութիւնը, հասարակական ու մտաւոր շրջանակները հպարտութեամբ կարող են արձանագրել մասնագիտական կրթութեան ասպարէզում Մեսրոպեանի հեղինակութիւնն ու նուաճումները», կը գրէ պարոն Սինանեան։

Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքը զգացուած է մեր վարժարանին մասին հայրենի պետական բարձր պաշտօնեայի այնչափ դրական գնահատականներով, ինչ որ մեծապէս կը խրախուսէ վարչական եւ ուսուցչական անձնակազմը՝ Լիբանանի հայ երիտասարդութեան իր ծառայութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ շրջադարձային նուաճումով մը, եւ Լիբանանի նախագահի թիւ 2569 հրամանագիրով, 19 Փետրուար 2026-ին Մեսրոպեան Արուեստիցը պաշտօնապէս բարձրացաւ «արուեստից բարձրագոյն վարժարան»ի "معهد فني عالي" կարգավիճակին, ինչ որ կը հարստացնէ մեր հաստատութեան կարողութիւնները՝ ապահովելու արուեստից կրթութեան համապարփակ ուղիներ՝ BP, BT, TS եւ TL մակարդակներով:


Name
Title
Comment

  +961 1 260504 / 262955 / 254940          

  principal@mesrobian.com          

  Bourj Hammoud, Arax street,  Beirut, Lebanon          

Français Armenian