Սիրելի աշակերտներ եւ ծնողներ,
Այս դժուար օրերուն, կը շարունակենք ուշադիր մնալ ձեր ապահովութեան եւ բարեկեցութեան։ Հակառակ որ դպրոցը փակ է տիրող կացութեան բերումով, մեզի համար կարեւոր է կապի մէջ մնալ եւ աջակցիլ ձեզի։
Ստորեւ կը փոխանցենք քանի մը պարզ խորհուրդներ, որոնք կրնան օգնել որ աւելի հանդարտ անցնէք այս ժամանակահատուածը։
Աշակերտներուն համար
Պէտք է մասնակցիլ առցանց դասերուն մեծ լրջութեամբ եւ կատարել տրուած պարտականութիւնները՝ ժամանակին․ դասերը կանոնաւոր կատարելը հիմնական կարեւորութիւն ունի մտաւոր եւ հոգեկան բարեկեցութիւնը պահպանելուն մէջ։
• Սահմանափակեցէք լուրերուն հետեւելու ժամանակը։ Պէտք չէ անընդհատ եւ տեւական ստուգել լուրերը, այլ միայն՝ սահմանուած ժամերու։
• Փորձեցէք պահել ազատ ժամերու սովորական ընթացքը եւ զբաղիլ ձեզի հաճելի գործունէութիւններով։
• Կապի մէջ մնացէք ձեր ընկերներուն հետ եւ փորձեցէք հաղորդակցութիւնը դարձնել բովանդակալից ու զերծ մնալ անօգուտ խօսակցութիւններէ։
• Եթէ կը զգաք վախ կամ անհանգստութիւն, խօսեցէք ձեր ծնողներուն կամ վստահելի անձի մը հետ, արտայայտելով ձեր ապրումները։
Ծնողներուն համար
• Փորձեցէք տան մէջ պահպանել հնարաւորինս հանգիստ եւ ապահով մթնոլորտ։
• Ուշադրութեամբ լսեցէք ձեր զաւակներուն երբ կը խօսին իրենց ապրումներուն մասին։
• Սահմանափակեցէք ձեր զաւակներուն չափազանց շատ լուրերուն հետեւիլը կամ պատերազմական պատկերներ դիտելը։
• Անհրաժեշտութեան պարագային, կապ պահեցէք դպրոցին ընկերային ծառայութեան գրասենեակին կամ այլ պատասխանատուներու հետ։
Մենք միշտ պատրաստ ենք ձեզի աջակցելու եւ ձեր կողքին մնալու այս դժուար օրերուն։