Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ
Wed, 11 Feb 2026
Posted in Spiritual Education | Festivities

11 Փետրուար 2026-ին, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը ոգեկոչեց Վարդանանց հերոսամարտը եւ վասն կրօնի ու հայրենեայց նահատակուած հերոսներուն յիշատակը՝ յատուկ տօնակատարութեամբ մը, որ միաւորեց աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ՝ վարժարանի շրջափակին մէջ։

Տօնակատարութիւնը բացուեցաւՃեսիքա Խաշոլեանի խօսքով, որմէ ետք ներկաները լսեցին «Քաջ Վարդան» երգը՝ կատարուած Ա, Բ․ եւ Գ․ դասրաններու խումբ մը աշակերտներու կողմէ։ Յաջորդեցին ասմունքի, նուագի եւ երգի կատարումներ՝ զանազան դասարաններու աշակերտներու կողմէ, ինչպէս նաեւ թատերական ընթերցումներ, բոլորն ալ նուիրուած օրուան պայծառ խորհուրդին։

Տօնակատարութեան ընթացքին խօսք առաւ պատգամախօս Եղբայր Պօղոս Էմիշեան, նախ եւ առաջ ընդգծելով, որ Վարդանանց ճակատամարտը պսակուեցաւ հայ հոգիի եւ ինքնութեան յաղթանակով, քանզի Վարդանանք չուրացան իրենց հաւատքը եւ հեղեցին իրենց արիւնը որպէս վկայութիւն, որուն շնորհիւ հայերը կը մնան քրիստոնեայ մինչեւ այսօր։

Եղբայր Էմիշեան դիտել տուաւ, որ Վարդանանց ոգին բազմիցս փայլեցաւ մեր պատմութեան ընթացքին, ինչպէս, դարեր անց, յանձին Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի, որ դարձեալ ամենասպառնական ժամանակներու մէջ, իր արեամբ վկայեց, որ հայը սկզբունքի տէր է, չի զիջիր ու միշտ հաւատարիմ կը մնայ իր ազգին ու հաւատքին։

Պատգամախօսը ըսաւ, որ ներկայիս ալ, մեզմէ յաճախ կը պահանջուի զիջիլ մեր հաւատքէն, արժէքներէն եւ ճշմարտութենէն, սակայն մեր պարտքն է հաստատ մնալ սրբութեան ճանապարհին վրայ՝ քաջաբար։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտներու «Հիմի էլ լռենք» երգով եւ ապա՝ վարժարանի տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստի եզրափակիչ խօսքով։ Պարոն տնօրէնը մեծապէս իմաստալի որակեց այն փաստը, որ Վարդանանց պատերազմէն 1575 տարիներ ետք, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ յիշատակել այս հերոսական իրադարձութիւնը, որովհետեւ անիկա կը հանդիսանայ ամենամեծ խորհրդանիշներէն մէկը հայու ինքնութեան եւ հաւատքի գոյապայքարին։ Ան դիտել տուաւ, որ զրադաշտական պարսիկներէն ետք՝ թշնամական այլ ուժեր եւս դարերու ընթացքին փորձեցին մեզ հպատակացնել, սակայն հայը միշտ յաղթական դուրս եկաւ այդ պայքարէն։

Պարոն Կրէկուար Գալուստ կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ 12 Փետրուարին մասնակցին Վարդանանց տօնին նուիրուած համահամայնքային ձեռնարկներուն, վերահաստատելու համար իրենց խոստումը՝ արժանի մնալու հայ ըլլալու պատիւին եւ պատասխանատուութեան։

Նկարները՝ այստեղ - Վարդանանց Տօն


Name
Title
Comment

  +961 1 260504 / 262955 / 254940          

  principal@mesrobian.com          

  Bourj Hammoud, Arax street,  Beirut, Lebanon          

Français Armenian