Ուսուցիչներու Զարգացման Աշխատանոցներ՝ Ուղղուած Աշակերտներու Հոգատարութեան Բարձրացման
Fri, 19 Dec 2025
Posted in Official Announcements

Աշակերտներու բարեկեցութեան եւ ուսումնական յառաջդիմութեան հանդէպ շարունակական հոգածութեան շրջագիծին մէջ՝ Մեսրոպեան վարժարանի Խորհրդատուութեան եւ ուղղորդման բաժինը (վարիչ՝ պարոն Զաւէն Թղլեան) վերջերս կազմակերպեց զոյգ workshop-եր՝ աշխատանոցներ, մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչներուն համար։

Յաջորդաբար հոգեշարժական եւ խօսքի խնդիրներու մասնագէտներ Նարօտ Խըտըրլարեանի (psychomotor therapist) եւ Սարին Պեքերեճեանի (speech therapist) ղեկավարութեամբ, մասնագիտական զարգացման դասընթացքները կեդրոնացան աշակերտներուն քով հոգեշարժական եւ խօսքի հետ առնչուած խնդիրներու նշաններու կանուխ բացայայտման, ճիշդ ուղղորդման ընթացակարգերը հասկնալուն եւ դժուարութիւններու առջեւ կանգնած աշակերտներուն՝ դասարանին մէջ պատշաճ օգնութիւն տրամադրելու եղանակներուն վրայ։

Ուսուցիչները մասնակցեցան համագործակցային քննարկումներուն եւ ուսումնասիրեցին շարք մը պարագաներ՝ անոնց նկատմամբ անհատական մօտեցումներ մշակելու համար։ Գործնական ուսուցման փորձը ամրապնդեց մեր ուսուցիչներուն կարողութիւնը՝ ներառական եւ արձագանքող ուսումնական միջավայր ստեղծելուն մէջ։

Մեսրոպեանի մէջ ուսուցիչներու շարունակական մասնագիտական զարգացման եւ միջառարկայական համագործակցութեան միջոցով մենք նուիրուած կը մնանք մեր բոլոր աշակերտներուն առաւելագոյն օժանդակութիւնը տրամադրելուն։

WhatsApp Image 2025-12-18 at 13.18.18 (1).jpeg
235 KB
View
WhatsApp Image 2025-12-18 at 13.18.18.jpeg
342 KB
View
WhatsApp Image 2025-12-18 at 13.18.20.jpeg
353 KB
View
WhatsApp Image 2025-12-18 at 13.18.21.jpeg
399 KB
View
WhatsApp Image 2025-12-18 at 13.18.23 (2).jpeg
439 KB
View
WhatsApp Image 2025-12-18 at 13.18.24.jpeg
251 KB
View

Name
Title
Comment

  +961 1 260504 / 262955 / 254940          

  principal@mesrobian.com          

  Bourj Hammoud, Arax street,  Beirut, Lebanon          

Français Armenian