Մեսրոպեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները ճանաչողական այցելութիւն մը կատարեցին Պէյրութի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան-հրատարակչատուն, Ազդակ օրաթերթի խմբագրատուն, եւ Վանայ Ձայն ռատիոկայան, ուր ծանօթացան նշեալ հաստատութիւններու գործունէութեան, յաջորդաբար՝ գիրքերու հրատարակութեան եւ տպագրութեան գործընթացին, մամուլի ծառայութեան մը կազմակերպման եւ ռատիոկայանի մը ստեղծագործական թէ արհեստագիտական յատկանիշներուն։
Նշեալ հաստատութիւններու պատասխանատուներն ու աշխատակիցները մեծ պատրաստակամութեամբ նկարագրեցին իրենց գործունէութեանց յատկանիշները եւ գրական ու լսողական նիւթերու արտադրութեան գործընթացները։
Այս հարստացնող միջոցառումը կազմակերպուած էր Մեսրոպեանի մէջ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը նշելու միջոցառումներու շրջանակին մէջ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք վերոյիշեալ հաստատութիւններուն՝ գրկաբաց ընդունելութեան եւ աշակերտներու գիտելիքները զարգացնելու պատրաստակամութեան համար։
Տեսնել նկարները այստեղ՝ Visit to Hamazkayin - Aztag - Voice of Van