ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Fri, 5 Dec 2025
Posted in Spiritual Education | Festivities

Ուրբաթ օր՝ 5 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ կատարեց Սուրբ Ծննդեան տօնածառի լուսաւորման աւանդական դարձած արարողութիւնը, որ տարուան այս շրջանի ամենասպասուած իրադարձութիւններէն մէկն է վարժարանի կեանքին մէջ։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ շեփորախումբին նուագով, որ տօնական տրամադրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մէջ։ Աշակերտներ Ռիթա Բէբէեան եւ Մեղրի Մսըրլեան ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին հաւաքուածներուն՝ համապատասխանաբար հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։

Երաժշտական ծրագիրը յատուկ տպաւորիչ էր։ Ծիծեռնակ երգչախումբը, որ կազմուած է 4րդ եւ 5րդ դասարաններու աշակերտներէն, հանդէս եկաւ ֆրանսերէն եւ արաբերէն, ինչպէս նաեւ սիրուած Սուրբ Ծննդեան երգերով՝ "Joy to the World" եւ "Angels We Have Heard on High", Նայիրի Առնէլեան տուտուկով ներկայացուց «Գիշերն իջաւ» եւ «Տօնածառ» երաժշտական կտորները, իսկ Մարիա-Ճեսիքա Խաշոլեան գեղեցկօրէն կատարեց Sia-ի "Snowman" երգը։

Հանդիսութեան գագաթնակէտը տօնածառի լուսաւորման պահն էր, երբ վարժարանի տօնածառը փայլեցաւ բազմագոյն լոյսերով՝ խորհրդանշելով յոյսի եւ միասնութեան ուղերձը։

Հանդիսութեան հիւր բանախօս պրն. Շահան Գանտահարեան օրուան խորհուրդը ներկայացուց՝ շեշտադրելով «լոյս» հասկացութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը հայոց մէջ՝ հեթանոսկան շրջանէն մինչեւ այսօր։ Ան դիտել տուաւ, որ լոյսը հայոց մէջ հաւատքի, առաջնորդութեան, կրթութեան եւ յառաջդիմութեան մեծագոյն խորհրդանիշն է՝ մարմնաւորուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սուրբ Մեսրոպի եւ մեր հաւատքի ու կրթութեան մեծ նուիրելաներու աւանդով, եւ Մեսրոպեանի տօնածառին լուսաւորումը իր մէջ կը խտացնէ այդ բոլոր արժէքները (պարոն Գանտահարեանին խօսքը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք շուտով՝ առանձին)։

Տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ շեշտեց յոյսի եւ միութեան կարեւորութիւնը այս տօնական շրջանին։

Արարողութիւնը փակուեցաւ Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի պահպանիչով՝ օրհնելով բոլոր ներկաները եւ մաղթելով խաղաղ ու բարեբեր տօներ։

Միջոցառումը կրկին անգամ ընդգծեց Մեսրոպեան վարժարանի նուիրուածութիւնը ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման, միաժամանակ խրախուսելով աշակերտներուն մասնակցութիւնը՝ նման առիթներու։

Տեսնել նկարները այստեղ ՝ Տօնածառի Լուսաւորում


Name
Title
Comment

  +961 1 260504 / 262955 / 254940          

  principal@mesrobian.com          

  Bourj Hammoud, Arax street,  Beirut, Lebanon          

Français Armenian